BAIKAR Weekly 419
Հաւանական Զարգացումներ Միջին Արեւելքի Ու Հարաւային Կովկասի Մէջ Եւ Հայաստան
Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ
Կազայի դէմ պատերազմը վերսկսաւ, որովհետեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնըլտ Թրամփ եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանեահու որոշած ծայրագոյն աստիճանի քանդել պաղեստինեան դիմադրութիւնը, այսպէս կոչուած «արաւելագոյն Ճնշում ի գործ դնելու» քաղաքականութեամբ, Պաղեստինեան Համաս կազմակերպութեան այս կամ այն հակազդեցութեան պատճառաբանութեամբ։ Նաթանեահու Կազայի մէջ իսրայէլի գործադրած նախկին արարքները վերաշխուժացուց ԱՄՆ-ի վաւերականացումով։ Այս արարքը կը նախատեսուէր երբ Թրամփ բացայայտօրէն յայտարարած էր՝ «Մենք նեցուկ կը կանգնինք Իսրայէլի յաջորդ քայլին»։ Որեւէ քայլ որ Իսրայէլ պիտի առնէր, նախապէս Թրամփ ու հետեւաբար ԱՄՆ-ի իշխանութիւնը համաձայն էր անոր։
Այսպիսով Իսրայէլ «յաջորդ քայլը» առաւ ու սկսաւ Կազան բիրտօրէն ռմբակոծել, քսանչորս ժամուան մէջ չորս հարիւր պաղեստինցի այրեր, կիներ, ծերեր ու երեխաներ սպաննելով եւ ուրանալով իր յանձնառութիւնները, որոնք նախապէս խոստացած էր պաղեստինցիներու հետ զինադադարի համաձայնութիւն ստորագրելով։ Աւելին՝ Իսրայէլ վայելելով ամերիկեան նեցուկը, կ՛անտեսէ միջազգային օրէնքներն ու կանոնները։ Ներկայիս Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի համար շատ հեշտ դարձած է համաձայնութիւններէ հրաժարիլ՝ երբ տակաւին անոնց պայմանները գետնի վրայ կը գործադրուին։ Անոնք այս բանը կ՛ընեն միայն ու միայն անմեղ քաղաքացիներու վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զիջումներ փրցնելու անոնց ներկայացուցիչներէն։
Ամերիկա Իսրայէլի օժանդակելով օդային հարուածներ կ՛իջեցնէ Եմէնի վրայ, մասնաւորաբար Սանաա քաղաքի Հուսիներու կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ նաւահանգիստներու եւ ռազմակայաններու վրայ։ ԱՄՆ յայտարարեց թէ որեւէ զինուորական հակազդեցութիւն եթէ գայ Եմէնէն, Իրան պատասխանատու պիտի նկատուի եւ համապատասխան հարուած պիտի ստանայ։
Յստակ է որ Ամերիկեան ու Իսրայէլեան յատուկ նպատակակէտեր գոյութիւն ունին Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս բոլորը կապուած են շրջանային ուժ եղող Իրանի հետ, որ իր վրայ կեդրոնացուցած է Արեւմտեան եւ մասնաւորաբար Ամերիկեան ամբողջ ուշադրութիւնը ։
Եթէ Համաս կազմակերպութիւնն ու պաղեստինեան միւս խմբաւորումները մերժեն ենթարկուիլ Իսրայէլի ու անոր նեցուկ Ամերիկայի, այս վիճակը Թրամփն ու Նաթանեահուն աւելի նպաստաւոր կը նկատեն իրենց համար, որովհետեւ այդ մէկը դուռ կը բանայ իրենց ձեւով մը իրաւունք տալու՝ բիրտ ոյժով վարուելու անոնց հետ եւ հասնելու այն նպատակին, որ է պաղեստինցիները արմատախիլ ու տեղահան ընել իրենց հողերէն։ Անոնք կը խորհին թէ այս պարագային միջազգային ընտանիքը ձեռնածալ պիտի մնայ եւ պէտք պիտի չըլլայ ՄԱԿ-ի մէջ այս հարցը ծեծելու եւ անոր դէմ որոշումներ տալու, որովհետեւ իբր թէ պաղեստինցիները չեն յարգած իրենց յանձնառութիւնները կատարել եւ այդ կերպով Իսրայէլ արդարացած պիտի սեպուի։ Իսկապէս ալ, շուտով բռնագաղթն ու տեղահանութիւնը սկսաւ 23 Մարտ 2025-ին, երբ «իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակը», այսինքն յարձակման ոյժերը օդային սաստիկ ռմբակոծումներու տակ Ռաֆահի հարաւային մասի պաղեստինցիները ստիպեցին լքել ամէն բան եւ ուղղուիլ դէպի հարաւ։ Նոյն օրը իսրայէլեան կառավարուիթիւնը բռնագաղթը «կանոնաւորելու» համար «Կառավարման Գրասենեակ» մը հաստատեց։ Ըստ երեւոյթին բռնագաղթուածները պիտի մտնեն Սինայի անապատը, որ Եգիպտոսի կը պատկանի։
Իսրայէլի նպատակակէտերը յստակ են․-
Ա․- Բռնի ոյժով ստիպել Համասն ու միւս կուսակցութիւնները ազատ արձակելու իսրայէլացի պատանդները։
Բ․- Աստիճանաբար պատերազմին մագլցում տալով, գործադրել բացայայտ ցեղասպանութիւն, որ փաստերու անհրաժեշտութիւն պիտի չունենայ եւ ոչ ոք պիտի մեղադրէ Իսրայէլը, որովհետեւ ոյժը անոր ձեռքն է եւ ոչ ոք այլեւս չի կրնար առարկել անոր ըրածն։ Այս մագլցումին նպատակը պիտի ըլլայ պաղեստինցիներէն յաւելեալ զիջումներ ձեռք ձգել։
Սակայն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանեահուն շատ աւելի պահանքջքներ ունի պաղեստինցիներէն։ Ան ծայրայեղ ոյժի կիրառումի կը հաւատայ, ինչպէս նաեւ բրտութեամբ հարցերը լուծելու։ Ան պաղեստինցիներու հետ կը բանակցի միայն կրակի տակ։ Այսպէս ընելով Նաթանեահու կը ձգտի առաւելագոյն թիւով պատանդներ ազատել հանգրուաններով, այդ ընթացքին մագլցումներ կատարելով պատերազմին մէջ։ Թրամփի եւ Նաթանեահուի համար կարեւոր չէ թէ քանի մարդ կը սպաննուի երկու կողմերէն, բայց մանաւանդ պաղեստինցիներէն, այնքան ատեն որ իրենց հետապնդած քաղաքական ու տնտեսական նպատակները կ՛արդարացնեն մղուած պատերազմը։
Իսրայէլի կողմէ պատերազմի շարունակուիլը զինադադարէն ետք կը ձգտի ճնշում բանեցնել Իրանի վրայ, որպէսզի ապահովուի Լիբանանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւն, որ կը համընկնի Իսրայէլի շահերուն։ Ցարդ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի կողմէ նուաճուած դիրքը չի գոհացներ զանոնք։ Անոնք կը ձգտին գոյացնել Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ՝ հասնելու համար երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոն վիճակի մը։ Այդպիսի իրավիճակի մը հասնիլը շատ մեծ դժուարութիւններ ունի, եթէ նկատի առնենք Լիբանանի ժողովուրդին քաղաքական ու ընկերային կառուցուածքը։ Լիբանանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դէմ է պատերազմի եւ միեւնոյն ժամանակ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման։
Լիբանանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը ձգտի ապահովել մնայուն եւ խաղաղ զինադադար եւ արդար սահմանազատում, որ գրաւուած հողերը Լիբանանի կը վերադարձնէ, ըլլան անոնք պատերազմէն առաջ կամ ետք, ներաեռալ վերջերս գրաւուած հինգ բարձունքները հարաւային Լիբանանի մէջ։ Ուստի բնականոնացման նպատակով հակառակ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի թափած հսկայական ջանքերուն, իրականութիւնը բոլորովին տարբեր ու հեռու է այդ մթնոլորտէն։ Լիբանանի յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնան այս վերջին կէտը աւելի յստակացնել։ Մինչեւ այն ատեն ԱՄՆ եւ Իսրայէլ շարունակ ճնշում պիտի բանեցնեն պատերազմը շարունակելով։
Այս ուղղութիւնը կրնայ ամրապնդուիլ աւելի ու աւելի եթէ անոնք հարուածեն Իրանը։ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ դժուար պահանջքներ ունի Իրանէն։ Ան կ՛ուզէ որ Իրան ձեռք քաշէ Իսրայէլի դէմ պայքարող բոլոր զինեալ կազմակերպութիւններէն ինչպէս Լիբանանեան Հզպալլայէն, Եմէնի Հուսիներէն եւ Իրաքի մէջ գործող կարգ մը իրանամէտ զինեալ կազմակերպութիւններէ։ Բացի ասկէ, ԱՄՆ կը պահանջէ Իրանէն խստօրէն սահմանափակել իր քաղաքացիական խաղաղ նպատակներով հիմնած հիւլէակայանը եւ բոլորովին հրաժարիլ զինուորական հիւլէական սարքածներ արտադրելէ։ Ան կ՛ուզէ իր համար Միջին Արեւելքի մէջ ազատօրէն տեղափոխուելու կարելիութիւններ թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ քաղաքացիական առումներով։
Եթէ ԱՄՆ ու Իրան չհամաձայնին ՄԻջին Արեւելքի հարցերուն մէջ, այն ատեն ԱՄՆ եւ Իսրայէլ անխուսափելիօրէն պիտի հարուածեն Իրանը զայն անդամալուծելու համար, նախ՝ Իրանի նեցուկն ու օգնութիւնը ունեցող հակաիսրայէլեան զինեալ կազմակերպութիւնները չէզոքացնելով եւ ապա՝ Իրանի հիւլէական կարելիութիւնները եւ հետեւաբար տնտեսութիւնը քանդելով։
Բնականաբար վերոյիշեալ Միջին Արեւելեան զարգացումերը ընդհանրապէս կապ ունին Հարաւային Կովկասի հետ, իսկ հայութեան համար մասնաւորաբար Հայաստանի ապահովութեան հետ։ Իսրայէլ Ազրպէյճանի շատ սերտ դաշնակիցն է եւ զայն արդիական զէնքերով զինող ոյժը, որ ծաւալապաշտական ձգտումներ ունի ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ մեծ չափով Կովկասի եւ այլ շրջաններու մէջ ալ։ Ան կը ձգտի ներթափանցումներ կատարել այդ շրջանի զանազան երկիրներու մէջ, իսրայէլեան տարբերակով փանթուրքիստական ծրագիրներու իրականացման ընդմէջէն, որոնց համար լաւապէս կ՛օգտագործէ եւ կը ծառայեցնէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, որոնք մեծ վտանգ կը սպառնան Հայաստանի։
Ինքնաբերաբար Հայաստան շատ զգոյշ պէտք է վարուի այս զարգացումներուն հետ։ Ցարդ ան դիւանագիտական հսկայ ճիգերով կը փորձէ այդ մէկը ընել, ի միջի այլոց Արեւմուտքի եւ մանաւանդ ԱՄՆ-ի նեցակցութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու, այլընտրանքներու ծիրին մէջ։

