Ե՛կ, Սուրբ Հոգի, ստեղծող էից,
Յայց ել մտաց Քոց ծառայից.
Եւ վերնական շնորհօք Քո լից,
ԸզՔո ստեղծեալ սիրտ բոլորից։
Մխիթարիչդ ամենայնի,
Եւ Բարձրելոյն պարգեւ բարի.
Աղբիւր կենաց, հուր կենդանի,
Սէր եւ օծումն իմանալի։
Դու եօթնարփեան շընորհք վերին,
Մատն հայրական աջոյ ձեռին.
Դու աւետիք Հօր բարձրելոյ,
Որ տաս բարբառըս բերանոյ։
Վառեա՛ ըզլոյս ի զգայարանս,
Հե՛ղ ըզսիրոյ Քո ըզհոսանս.
Զտկարութիւն մարմնոյ մերոյ,
Միշտ զօրութեամբ Քո ամրացո՛։
Ի բա՛ց վանեա՛ զթշնամութիւն,
Եւ պարգեւեա՛ զխաղաղութիւն.
Զի քեւ յաւէտ առաջնորդեալ,
Առ ի չարեաց լիցուք զերծեալ։
Տո՛ւր ճանաչել մեզ քեւ ըզՀայր,
Եւ զՄիածինն իւր հաւասար,
Եւ յերկոցունց զՀոգիդ բղխեալ,
Յամենայն ժամ սերտ հաւատալ։
Փառըք պատիւ՝ Հօր Աստուծոյ,
Եւ Միածնի յարուցելոյ,
Հոգւոյն Սրբոյ Մխիթարչի,
Այժմ եւ յաւէտ անլըռելի։ Ամէն։
Ե՛կ Արարիչ ո՛վ Հոգի
(արեւմտահայերեն)
Ե՛կ Արարիչ ո՛վ Հոգի Քու հաւատացեալներուդ միտքերն այցելէ՛ եւ Քու ստեղծած սրտերը երկնային շնորհքով լեցու՛ր: Քեզ կոչած են Խորհրդատու, պարգեւ Գերագոյն Աստուծոյ, աղբիւր կենդանի, հուր, սէր եւ աննիւթական օծում: Դուն եօթնատուր Հոգին ես եւ հայրական ձեռքին մատ, Հօր խոստացած Հոգին ճշմարտութեան եւ ներշնչող մեր խօսքերուն: Լոյսդ հաղորդէ՛ մեր զգայարանքներուն, Սէրդ հոսեցու՛ր մեր սրտերուն, միշտ ամրացու՛ր Քու զօրութեամբ տկարութիւնը մեր մարմիններուն:
Մեզմէ հեռու վանէ՛ մեր թշնամին, խաղաղութիւնդ տու՛ր մեզի շուտով, Քու ուղղութեամբդ եւ խորհուրդովդ, հեռու մնանք փորձանքներէն: Տու՛ր որ Քեզմով Հայրը ճանչնանք եւ Որդիին ծանօթանանք եւ Երկուքէն բխող Հոգին, ըրէ որ յաւերժօրէն հաւատանք: Փառք ու պատիւ Հօր Աստուծոյ մեռեալներէն յարուցեալ Որդիին, եւ մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն:
