Լիբանանի մէջ գործող (Լիպերալ- քրիստոնէական) թեքումով «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը իմ սրտի կուսակցութիւնը չէ, բայց պէտք է արձանագրել, որ Լիբանանի արիւնալի պատերազմի բովէրէն իր ազդեցութիւնը թողած է իմ ծննդավայրիս ամենայետին առանցքներուն վրայ։
Այսօր ի տարբերութիւնը շատ ու շատ քաղաքական ուժերու այդ կուսակցութիւնը կը շարունակէ աճիլ ու փաստ է, որ զուտ քրիստոնէական պրիսմակէ դիտուած այն կը համարուի թիւով ամենաշատ անդամներ ունեցող կուսակցութիւն։
Վերջին տուեալները կը խօսին 30.000 (հազար) անդամի մասին, որոնց 18.000 (հազարը) անցեալ կիրակի օր մասնակից դարձաւ կուսակցութեան ներքին ընտրութիւններուն վերընտրելով Տօքթ. Սամիր Ժաաժաը (Տեսնել լուսանկարը) այդ կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին։
Հայկական առումով ալ այս կուսակցութեան հետ եղած են տաք ու պաղ օրեր (ու ընդհանրապէս իբրեւ «առաջդիմական» ներկայացող ուժերը (Ձախակողմեան, համայնավար եւ այլք) այս կուսակցութեան հետ չեն ունեցած կապ այլ ընդհակառակը «գաղափարական» տարակարծութիւն եւ ատելութիւն։ Ինչ կը վերաբերի միւս կուսակցութիւններուն ապա ՀՅԴ-ն մասնաւորապէս եւ ՍԴՀԿ-ն ու ՌԱԿ-ը նուազ չափով կարողացած են տարոեր փուլերու եւ հաշուի առնելով առկայ պայմանները որոշակի գործունէութիւն մը կիսել անոնց հետ։
Ամենափաստացին այս բոլորին մէջ այն է, որ նախքան լիբանանեան պատերազմի կեղտոտ ձեխերուն մէջ խրուիլը եւ միլից դառնալը «Լիբանանեան ուժեր»ը եղած են Լիբանանի իրական պաշտպաններ եւ վիժեցուցած են այդ փոքր երկրին համար «նախատեսուած» պաղեստինցիներու այլընտրանք երկիր մը դառնալու հրէշաւոր ծրագիրները։
Ես առաւելապէս այդ կը յարգեմ անոնց մէջ։
Աղբյուրը՝
